2013-09-10 09:34:17

Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Մկրտութիւն` 100 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով


Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 8 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ տարեկան պատարագ: Վկայակոչելով թրքական Haberler.com կայքէջը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ պատարագը, որ տեւած է շուրջ 2 ժամ, գլխաւորած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը:
Արարողութեան մասնակցած են շուրջ 800 հայեր: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք վերջին 100 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է մկրտութիւն, որուն ժամանակ մկտրուած են 6 հայեր: Խօսելով մկրտութիւն իրականացնելու մասին` Աթեշեան սրբազան նշեց, որ այսպիսի ձեւով մկրտուածները վերադարձած են սեփական ինքնութեան եւ հայկական եկեղեցւոյ: «Այսօր այստեղ մկրտութիւն կատարեցինք: Մեզի համար այս տօնը ոչ մէկ ձեւով կ՛ընկալուի իբրեւ քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կամ ազգային յաղթանակ: Ասիկա վերադարձն էր այն կրօնական սուրբ արժէքներուն, որոնք ժամանակ մը կորուստի մատնուած էին: Այստեղ` Վանայ լիճի պատմական կղզիին մէջ իրականացուած արարողութեան իմաստը այս էր», յայտարարած է Աթեշեան սրբազան: Մկրտութենէն ետք պատարագին մասնակիցները միասին աղօթած են եկեղեցւոյ բակին մէջ, ապա հեռացած են կղզիէն:
8 սեպտեմբերին Սուրբ Խաչին մէջ մէջ կատարուած պատարագը չորրորդն էր 2007 թուականին եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ի վեր:
Խումբ մը թուրքեր եւ ազրպէյճանցիներ փորձեցին խանգարել մատուցուած տարեկան պատարագը: Թուրքիոյ մէջ գործող հակահայկական յայտնի «Ասիմտեր» կազմակերպութեան անդամները ժամանած էին Վանայ լիճ եւ հակահայկական յայտարարութիւն կատարած:
Ներկայացուցիչներէն մէկը, կրկնելով թրքական քարոզչամեքենայի յօրինած սուտը, յայտարարեց, որ «Վանի մէջ 1915 թուականին հայերը մեծ թիւով մահմետականներ կոտորած են»: Անոնք արարողութեան աւարտին մեխակներ նետած են Վանայ լիճին մէջ, ապա նաեւ այրած զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի լուսանկարները:







All the contents on this site are copyrighted ©.